{
    "research.title": "Scratch‑ի հետազօտութիւն",
    "research.conductors": "Scratch‑ի վերաբերեալ հետազօտութիւնը կ՛իրականացուի Scratch Foundation‑ի աշխատակազմին կողմէ։ Նախագիծեր բաժնեկցելով եւ մասնակցելով Scratch‑ի առցանց համայնքին՝ դուք կը նպաստէք, որ մենք աւելի լաւ հասկնանք, թէ մարդիկ ինչպէս կ՛օգտագործեն եւ կը սորվին Scratch‑ի միջոցով։ Scratch‑ի կայքին վրայ հրապարակուած որեւէ նախագիծ, մեկնաբանութիւն կամ այլ նիւթ կրնայ ներառուիլ հետազօտական վերլուծութիւններու, ներկայացումներու եւ հաշուետուութիւններու մէջ։ Մենք երբեք չենք բաժնեկցիր անձը հաստատող տեղեկութիւններ։ Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու համար կարդացէ՛ք {ethicsCodeLink}‑ը։ (Եթէ հարցումներ ունիք, կը խնդրենք օգտուիք {contactLink} ձեւէն)։",
    "research.collaborators": "Նախորդ հետազօտական գործընկերներուն շարքին կը ներառուէին՝ MIT‑ի Lifelong Kindergarten խումբը, Եասմին Քաֆայը՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանի կրթութեան բարձրագոյն դպրոցէն, Քարեն Պրենընը՝ Հարվըրտի կրթութեան բարձրագոյն դպրոցէն, Պենճամին Մաքօ Հիլը՝ Ուաշինկթընի համալսարանէն, Անտրէս Մոնրոյ Էրնանտէզը՝ Microsoft Research‑էն, Միմի Իթընը եւ Քրիսթըլ Մարթինը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, Իրվին, Քուին Պըրքը՝ Չարլսթընի քոլէճէն, Տէպօրա Ֆիլտսը՝ Եուտայի նահանգային համալսարանէն, եւ Քայլի Փէփլըրը՝ Ինտիանայի համալսարանէն։ Ստորեւ ներկայացուած են Scratch‑ի եւ Scratch‑ի առցանց համայնքին վերաբերող ընտրուած հետազօտական աշխատութիւններ, շնորհահանդէսներ եւ թեզեր, որոնց կը յաջորդէ Scratch‑ին աջակցելու նպատակով Ազգային գիտական հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհներու ցանկը։",
    "research.ethicsCodeLinkText": "Scratch հիմնադրամի հետազօտական բարոյագիտութեան կանոնագիրքը",
    "research.contactLinkText": "Կապ մեզի հետ",
    "research.papers": "Փաստաթուղթերու եւ շնորհանդէսներու հետազօտութիւն",
    "research.grants": "Ազգային գիտական հիմնադրամի դրամաշնորհներ"
}