{
    "ethics.title": "Scratch Foundation‑ի հետազօտական բարոյագիտութեան կանոնագիրք:",
    "ethics.intro1": "Scratch Foundation‑ի առաքելութիւնն է երիտասարդներուն տրամադրել թուային գործիքներ եւ կարելիութիւններ՝ պատկերացնելու, ստեղծագործելու, բաժնեկցելու եւ սորվելու։ Scratch հարթակը անվճար, ապահով եւ զուարճալի ուսուցողական միջավայր մըն է, որ կը ներգրաւէ բոլոր երեխաները ստեղծագործաբար մտածելու, համակարգուած կերպով տրամաբանելու եւ համագործակցաբար աշխատելու մէջ. հմտութիւններ, — որոնք կարեւոր են այսօրուան հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար։ Մենք կը համագործակցինք մանկավարժներու եւ ընտանիքներու հետ՝ աջակցելու երեխաներուն այս զուարճալի եւ ուսուցողական միջավայրին մէջ։",
    "ethics.intro2": "Այս բարոյագիտական օրէնսգիրքը կ՚ուղղորդէ Scratch Foundation‑ի աշխատակիցներն ու մասնաճիւղերը, երբ անոնք կ՚իրականացնեն հետազօտութիւն եւ գնահատում՝ աջակցելու հարթակի զարգացման, մասնակիցներու փորձառութեան բարելաւման, ուսուցման եւ ուսումնառութեան արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ դրամաշնորհներով ֆինանսաւորուած աշխատանքներու կատարելագործման ջանքերուն։ Հիմնադրամին մէջ իրականացուող բոլոր հետազօտական եւ գնահատման աշխատանքները կը հետեւին ստորեւ ներկայացուած սկզբունքներուն:",
    "ethics.principle1Title": "Սկզբունք 1. Պաշտպանեցէ՛ք մեր մասնակիցները:",
    "ethics.principle1": "{title} Scratch Foundation‑ի աշխատակիցներն ու կապալառուները կը յարգեն մասնակիցներու գաղտնիութիւնն ու անձնական տեղեկութիւններու պաշտպանութիւնը։ Աշխատակիցներն ու կապալառուները չեն բացայայտեր ոեւէ մասնակցի վերաբերող անձնապէս ճանաչելի տեղեկութիւն առանց մասնակիցին եւ (եթէ անչափահաս է) մասնակիցին ծնողին կամ խնամակալին արտօնութեան։ Բացի ատկէ, մենք կը խուսափինք մասնակիցներուն վնաս պատճառելէ եւ կը ձգտինք առաւելագոյնս ապահովել մասնակցութեան օգուտները։ Հետազօտական աշխատանքներուն մասնակցութիւնը միշտ կամաւոր է։ Մասնակցութենէն հրաժարելու համար կրնաք կապ հաստատել մեզի հետ՝ {researchEmailLink} հասցէով։",
    "ethics.principle2Title": "Սկզբունք 2. Առաջնորդեցէք թափանցիկութեամբ:",
    "ethics.principle2": "{title} Տուեալներ հաւաքելու ատեն Հիմնադրամի աշխատակազմն ու կապալառուները յստակօրէն կը բացայայտեն հետազօտութեան նպատակը, մասնակցութեան պայմանները (ներառեալ պահանջուող ժամանակն ու ջանքերը), մասնակցութեան վերաբերող հաւանական վտանգները, այն տուեալները, որոնք պիտի հաւաքուին, ինչպէս նաեւ այն ձեւերը, որոնց միջոցով այդ տուեալները պիտի պաշտպանուին եւ հաղորդուին։ Մասնակիցները կը տեղեկացուին նաեւ իրենց իրաւունքին մասին՝ հրաժարելու մասնակցութենէն կամ որոշ տուեալներու տրամադրումէն, ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի համապատասխան հաղորդակցութեան տեղեկութիւններուն մասին։",
    "ethics.principle3Title": "Սկզբունք 3. Ընդգրկեցէք տուեալներու պատասխանատու կառավարումը:",
    "ethics.principle3": "{title} Հիմնադրամի աշխատակազմն ու կապալառուները պիտի ապահովեն տուեալներու ապահովութիւնն ու համապատասխանութիւնը թուային գաղտնիութեան քաղաքականութիւններուն, ինչպիսիք են (բայց չսահմանափակուելով) Scratch‑ի գաղտնիութեան քաղաքականութիւնը եւ Տուեալներու Պաշտպանութեան Ընդհանուր Կանոնակարգը (GDPR)։"
}