{
    "dmca.intro": "Scratch հիմնադրամը կը յարգէ ուրիշներու մտաւոր սեփականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մեր օգտատէրերունը։ Եթէ կը կարծէք, թէ ձեր գործը պատճէնուած է այնպիսի ձեւով մը, որ կը խախտէ ձեր հեղինակային իրաւունքը, խնդրենք ելեկտրոնային նամակ ուղարկեցէք copyright@scratch.org հասցէին, կամ ձեր բողոքը փոստով ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին՝",
    "dmca.llkresponse": "Scratch հիմնադրամը արագօրէն կը գործարկէ եւ կը քննէ ենթադրեալ խախտումներու մասին ծանուցումները ու համապատասխան քայլերու կը դիմէ՝ Թուային Հազարամեակի Հեղինակային Իրաւունքի Օրէնքին (Digital Millennium Copyright Act — “DMCA”) եւ մտաւոր սեփականութեան այլ կիրառելի օրէնքներուն համաձայն։ DMCA‑ին համապատասխանող կամ էականօրէն համապատասխանող ծանուցումներու ստացման պարագային, Scratch հիմնադրամը կրնայ արագօրէն հեռացնել կամ անջատել մուտքը այն նիւթերուն, որոնք կը նկատուին խախտող։ Երրորդ կողմերու հեղինակային իրաւունքները բազմիցս խախտող անձերու հաշիւը կրնայ դադրեցուին՝ համապատասխան պարագաներու։",
    "dmca.assessment": "Ձեր հեղինակային իրաւունքի խախտման հարցը գնահատելու ատեն խնդրենք նկատի ունենաք, որ Scratch‑ը կրթական եւ շահոյթ չհետապնդող նախաձեռնութիւն մըն է, որ կը ձգտի աջակցիլ երեխաներու ուսուցման գործընթացին՝ տրամադրելով նոր գործիքներ՝ թուային արհեստագիտութիւնը սորվելու եւ գործածելու։ Խնդրենք նաեւ յիշել, որ «Արդար գործածութիւն» կամ “Fair Use” սկզբունքը ներառուած է 1976 թուականի Հեղինակային Իրաւունքի oրէնքին մէջ՝ 17 U.S.C. § 107։",
    "dmca.eyetoeye": "Կը յուսանք, որ Scratch‑ը չէք դիտարկեր իբրեւ ստեղծագործութիւնները կամ կայքէջը հանրայնացնելու լոկ գործիք, այլ նաեւ իբրեւ կարելիութիւն՝ նպաստելու երեխաներու կրթութեան եւ օգտակար դառնալու անոնց ուսուցման ճամբուն վրայ։",
    "dmca.afterfiling": "Եթէ որոշած էք հեղինակային իրաւունքի խախտման վերաբերող բողոք ներկայացնել, խնդրենք նկատի ունենաք, որ մենք կրնանք ձեր տեղեկացումը, ներառեալ անձնական տեղեկութիւնները, փոխանցել վերանայման մարմիններու, ինչպիսին է chillingeffects.org‑ը։ Խնդրենք նաեւ նկատի ունենաք, որ դուք կրնաք վնասներու համար ենթարկուիլ պատասխանատուութեան (ներառեալ ծախսերը եւ փաստաբանական վճարումները), եթէ թեքնիքապէս սխալ կերպով ներկայացուցած էք, թէ տուեալ գործողութիւնը կը խախտէ ձեր հեղինակային իրաւունքը։",
    "dmca.counternotification": "Հակադարձ հայց",
    "dmca.ifremoved": "Եթէ ձեր բովանդակութիւնը հեռացուած է DMCA‑ի բռնագրավման հայցի պատճառով, սակայն կը կարծէք, որ իրաւունք ունիք այդ նիւթը գործածելու եւ կը ցանկաք օրինական կերպով վիճարկել այդ հայցը, կրնաք ներկայացնել DMCA‑ի հակադարձ հայց։ Հակադարձ հայց ներկայացուցէ՛ք միայն այն պարագային, երբ իրապէս կը հաւատաք, որ բովանդակութիւնը հեռացուած է սխալի կամ ապատեղեկատուութեան հետեւանքով, եւ պատրաստ էք դատարան դիմելու՝ ձեր բովանդակութեան գործածումը պաշտպանելու համար։",
    "dmca.mailcounter": "DMCA-ի դէմ-ծանուցումը կրնաք ուղարկել ելեկտրոնային նամակով՝ copyright@scratch.org հասցէին, կամ փոստով՝ հետեւեալ հասցէին.",
    "dmca.mustinclude": "Այս հակադարձ հայցը պէտք է ներառէ՝",
    "dmca.fullname": "Ձեր ամբողջական անունը",
    "dmca.address": "Ձեր հասցէն",
    "dmca.phone": "Ձեր հեռաձայնին թիւը",
    "dmca.email": "Ձեր ելեկտրոնային հասցէն",
    "dmca.username": "Scratch‑ի հաշիւին մուտքանունը",
    "dmca.projecturl": "Վերցուած նախագիծին URL հասցէն",
    "dmca.statementerror": "Յայտարարութիւն այն մասին, որ բովանդակութիւնը վերցուած է սխալի կամ ապատեղեկատուութեան պատճառով, եւ որ խախտում տեղի չէ ունեցած",
    "dmca.statementjurisdiction": "Յայտարարութիւն, որ դուք կը համաձայնիք այն իրաւասութեան հետ, որ կը տարածուի ձեր բնակութեան վայրին համապատասխան",
    "dmca.signature": "Ձեր ստորագրութիւնը",
    "dmca.valid": "DMCA‑ի վաւեր հակադարձ ծանուցում ստանալէն ետք, Scratch‑ը կը փոխանցէ ձեր տրամադրած տեղեկութիւնները այն անձին, որ ներկայացուցած էր ձեզի դէմ հեղինակային իրաւունքի խախտման սկզբնական հայցը։ Այդ անձը կրնայ օգտագործել այդ տեղեկութիւնները՝ ձեզի հետ կապ հաստատելու համար կամ ձեզ տեղեկացնելու, եթէ որոշած է դատական հայց ներկայացնել ձեզի դէմ։",
    "dmca.lawsuit": "Եթէ հակադարձ ծանուցումը տրամադրելէ ետք՝ տասը (10) աշխատանքային օրերու ընթացքին մենք տեղեկութիւն չստանանք այն մասին, որ դատական հայց պիտի ներկայացուի այն անձին դէմ, որ ներկայացուցած էր DMCA‑ի բռնագրաւման ծանուցումը, ապա վերցուած բովանդակութեան հասանելիութիւնը պիտի վերականգնուի։",
    "dmca.repeat": "Կրկնակի խախտումներ",
    "dmca.disableaccess": "DMCA‑ն մեզմէ կը պահանջէ կասեցնել մեր ծառայութիւնները՝ հեղինակային իրաւունքի խախտումներու կրկնութիւնը կանխելու համար։ Եթէ մենք ստանանք DMCA‑ի բռնագրաւման ծանուցում տուեալ անձի մը դէմ, եւ այդ անձը չներկայացնէ վաւեր հակադարձ հայց, ապա անոր հաշիւը ժամանակաւորապէս կը կասեցուի։ Երեք (3) անգամ կասեցում ստանալէն ետք, Scratch‑ի հաշիւը կ՛արգելափակուի, եւ այլեւս կարելի չ՛ըլլար մուտք գործել այդ հաշիւը։ Մենք կասեցման տասը (10) աշխատանքային օրուան ժամկէտը կը հաշուենք սկսեալ այն պահէն, երբ անձը կը ստանայ DMCA‑ի բռնագրաւման ծանուցումը։ Այս ընթացակարգը կը նպատակադրէ ապահովել, որ որեւէ հաշիւ չարգելափակուի առանց պատշաճ գործընթացի, միաժամանակ օգտատէրերուն կարելիութիւն տալով՝ վերանայելու խնդիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային ներկայացնելու վաւեր հակադարձ հայց։"
}