{
    "privacyApps.title": "Գաղտնիութեան քաղաքականութիւն",
    "privacyApps.updated": "Scratch‑ի Գաղտնիութեան քաղաքականութիւնը վերջին անգամ թարմացուած է 6 Յունուար 2022-ին",
    "privacyApps.intro": "Scratch հիմնադրամը (“Scratch”, “մենք” կամ “մեզ”) կը հասկնայ, թէ որքան կարեւոր է գաղտնիութիւնը մեր համայնքի համար։ Մենք կազմեցինք այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը՝ բացատրելու համար, թէ ինչպիսի՛ Անձնական Տուեալներ (“Տուեալներ”) կը հաւաքենք մեր անցանց խմբագրիչին (the “Scratch App”) միջոցով, ինչպէ՛ս կը գործածենք, կը մշակենք ու կը բաժնեկցենք այդ տուեալները եւ ի՛նչ քայլերու կը ձեռնարկենք զանոնք ապահով պահելու համար։ Այս քաղաքականութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէ ձեր իրաւունքներուն եւ ընտրանքներուն մասին՝ ձեր Անձնական Տուեալներուն վերաբերեալ, նաեւ՝ թէ ինչպէ՛ս կրնաք կապուիլ մեզի, եթէ ունիք հարցումներ կամ մտահոգութիւններ։",
    "privacyApps.collectionHeader": "Ի՞նչ տուեալներ կը հաւաքէ Scratch‑ը իմ մասիս։",
    "privacyApps.collectionParagraph": "Այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան նպատակով “Տուեալներ” կը նշանակէ որեւէ տեղեկութիւն, որ կը վերաբերի ճանչցուած կամ ճանաչելի անհատի։ Scratch App‑ը իր հեռաչափական /telemetry/ համակարգին միջոցով ինքնաշխատ կերպով կը հաւաքէ եւ տեղական կերպով կը պահէ հետեւեալ Տուեալները․ ձեր նախագիծին վերնագիրը /գրութեան ձեւով/, լեզուի կարգաւորումը, ժամային գօտին, ինչպէս նաեւ ձեր Scratch App‑ի օգտագործման վերաբերող իրադարձութիւնները (մասնաւորաբար՝ երբ Scratch App‑ը բացուած կամ փակուած է, արդեօք նախագիծի նիշք մը բեռնուած կամ պահուած է, կամ նոր նախագիծ ստեղծուած է)։ Եթէ ընտրէք միացնել հեռաչափական տուեալներու բաժնեկցութեան գործառոյթը, Scratch App‑ը այս տեղեկութիւնները կը փոխանցէ Scratch‑ին։ Scratch App‑ով ստեղծուած նախագիծերը չեն փոխանցուիր եւ չեն դառնար հասանելի Scratch‑ին, եթէ դուք չընտրէք ձեր նախագիծը վերբեռնել Scratch‑ի Առցանց Համայնք։ Այդ պարագային, ձեր բաժնեկցած տեղեկութիւնները կը կարգաւորուին Scratch‑ի Առցանց Համայնքին {privacyPolicyLink}‑ին համապատասխան։ Խնդրեմ տեսնել նաեւ “Ի՞նչ կը պատահի, եթէ ես վերբեռնեմ իմ նախագիծս Scratch‑ի Առցանց Համայնք”  բաժինը ստորեւ՝ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու համար։",
    "privacyApps.privacyPolicyLinkText": "Գաղտնիութեան քաղաքականութիւն",
    "privacyApps.usageHeader": "Scratch-ը ինչպէ՞ս կը գործածէ իմ տուեալներս։",
    "privacyApps.usageIntro": "Մենք կը գործածենք այս Տուեալները հետեւեալ նպատակներով․",
    "privacyApps.analyticsTitle": "Վերլուծում եւ Scratch App‑ի բարելաւում",
    "privacyApps.analyticsDescription": "Մենք կը գործածենք տուեալները՝ վերլուծելու համար Scratch App‑ի օգտագործումը եւ բարելաւելու ձեր ուսուցման փորձառութիւնը Scratch App‑ի մէջ։",
    "privacyApps.researchTitle": "Գիտական հետազօտութիւն",
    "privacyApps.researchDescription": "Մենք անանուն կը դարձնենք եւ կը համախմբենք տուեալները՝ վիճակագրական վերլուծումի համար՝ գիտական եւ ակադեմական հետազօտութեան շրջանակին մէջ։ Օրինակ՝ մեզի օգնելու հասկնալու, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը սորվին Scratch App‑ի միջոցով եւ ինչպէ՛ս կրնանք բարելաւել ուսուցման գործիքները երիտասարդներու համար։ Նման հետազօտութիւններու արդիւնքներու բաժնեկից կը դառնան մանկավարժներ եւ հետազօտողներ՝ համաժողովներու, մասնագիտական հանդէսներու եւ այլ ակադեմական կամ գիտական հրատարակութիւններու միջոցով։ Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ կրնաք գտնել մեր {researchPageLink} էջին վրայ։",
    "privacyApps.researchPageLinkText": "Հետազօտութիւն",
    "privacyApps.legalTitle": "Իրաւական",
    "privacyApps.legalDescription": "Մենք կրնանք գործածել ձեր տուեալները՝ մեր {termsOfServiceLink}‑ը կիրարկելու, մեր իրաւական իրաւունքները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ մեր իրաւական պարտաւորութիւններուն եւ ներքին քաղաքականութիւններուն համապատասխանելու համար։ Այս նպատակներով մենք կրնանք վերլուծել ձեր Scratch App‑ի օգտագործումը։",
    "privacyApps.termsOfServiceLinkText": "Օգտագործման կանոններ",
    "privacyApps.processingHeader": "Ի՞նչ են ձեր տուեալները մշակելու իրաւական հիմքերը։",
    "privacyApps.processingParagraph": "Եթէ դուք կը գտնուիք Եւրոպական Տնտեսական Տարածքին, Միացեալ Թագաւորութեան կամ Զուիցերիոյ մէջ, մենք ձեր տուեալները կը մշակենք միայն այն պարագային, երբ գոյութիւն ունի վաւեր իրաւական հիմք։ “Իրաւական հիմք” կը նշանակէ պատճառ, որ կ՛արդարացնէ ձեր տուեալներու օգտագործումը։ Այս պարագային, մենք կամ երրորդ կողմ մը ունինք օրինական շահ՝ ձեր տուեալները օգտագործելու (եթէ դուք ընտրած ըլլաք Scratch App‑ին արտօնելու փոխանցել ձեր տուեալները Scratch‑ի խումբին)՝ ձեր համախմբուած կամ անանուն տուեալները ստեղծելու, վերլուծելու եւ հետազօտական նպատակներով բաժնեկցելու համար, վերլուծելու եւ բարելաւելու ձեր ուսուցման փորձառութիւնը Scratch App‑ի մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովելու եւ բարելաւելու Scratch App‑ի անվտանգութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ կատարողականութիւնը։ Մենք կը հիմնուինք մեր կամ երրորդ կողմի օրինական շահերուն վրայ միայն այն պարագային, երբ այդ շահերը չեն գերակշռուիր ձեր իրաւունքներով եւ շահերով։",
    "privacyApps.sharingHeader": "Ինչպէ՞ս կը բաժնէ Scratch‑ը իմ Տուեալներս։",
    "privacyApps.sharingIntro": "Մենք կը բացայայտենք Scratch App‑ի միջոցով հաւաքուած Տուեալները երրորդ կողմերու՝ հետեւեալ պարագաներուն․",
    "privacyApps.serviceProvidersTitle": "Ծառայութիւն մատուցողներ",
    "privacyApps.serviceProvidersDescription": "Երրորդ կողմերու, որոնք կը մատուցեն ծառայութիւններ, ինչպիսիք են՝ կայք հիւրընկալում /website hosting/, տուեալներու վերլուծում, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն /IT/ եւ առնչուած ենթակառոյցներու ապահովում, յաճախորդի սպասարկում, ել. նամակի առաքում, ինչպէս նաեւ այլ ծառայութիւններ։",
    "privacyApps.researchSharingDescription": "Դէպի հետազօտական հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Մասաչուսեցի Արհեստագիտական Հաստատութիւնը (MIT), հասկնալու համար, թէ մեր օգտատէրերը ինչպէ՛ս կը սորվին Scratch App‑ի միջոցով, նաեւ զարգացնելու նոր ուսուցման գործիքներ։ Այս հետազօտութիւններու կամ վիճակագրական վերլուծութիւններու արդիւնքները կրնան բաժնեկցուիլ համաժողովներու, մասնագիտական հանդէսներու եւ այլ հրապարակումներու միջոցով։",
    "privacyApps.mergerTitle": "Միաձուլում",
    "privacyApps.mergerDescription": "Դէպի հաւանական կամ իսկական գնորդ, յաջորդող կազմակերպութիւն կամ շահառու՝ իբրեւ որեւէ վերակազմակերպման, միաձուլման, վաճառքի, միացեալ ձեռնարկութեան, յանձնման, փոխանցման կամ մեր կազմակերպութեան կամ մեր ունեցուածքներու ամբողջութեան կամ մէկ բաժինի այլ ձեւով տնօրինման մաս։ Դուք կարելիութիւն պիտի ունենաք հրաժարելու նման փոխանցումէ, եթէ նոր միաւորի կողմէ ձեր Տուեալներու նախատեսուած մշակումը էականօրէն կը տարբերի այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մէջ նշուածէն։",
    "privacyApps.legalSharingDescription": "Եթէ պահանջուի օրէնքով կամ բարեխիղճ համոզումով կը կարծենք, թէ նման քայլ համապատասխան է, մենք կրնանք բացայայտել ձեր Տուեալները հետեւեալ պարագաներուն․ (a) գործող օրէնսդրութեան ներքոյ, ներառեալ՝ ձեր բնակութեան երկրի սահմաններէն դուրս գործող օրէնքներ, (b) օրէնսդրական գործընթացի /legal process/ պահանջներուն համապատասխանելու համար, (c) հանրային կամ կառավարական մարմիններու՝ օրինակ՝ դպրոցներու, դպրոցական շրջաններու, կամ օրէնք կիրարկող մարմիններու արցումներուն պատասխանելու համար, ներառեալ՝ ձեր բնակութեան երկրի սահմաններէն դուրս գործող մարմիններ, (d) մեր պայմաններն ու դրոյթները կիրարկելու համար, (e) մեր կամ մեր գործընկեր կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը պաշտպանելու համար, (f) մեր, մեր գործընկերներու, ձեր կամ ուրիշներու իրաւունքները, գաղտնիութիւնը, անվտանգութիւնը կամ սեփականութիւնը պաշտպանելու համար, (g) մեզի կարելիութիւն տալու՝ կիրարկելու հասանելի իրաւական միջոցները կամ սահմանափակելու այն վնասները, զորս կրնանք կրել։",
    "privacyApps.communityHeader": "Ի՞նչ կը պատահի, եթէ ես վերբեռնեմ իմ նախագիծս Scratch‑ի Առցանց Համայնքին մէջ։",
    "privacyApps.communityParagraph": "Scratch App‑ը օգտագործելու ընթացքին դուք կրնաք ընտրել ձեր նախագիծը վերբեռնել Scratch‑ի առցանց համայնք (“Online Community”)։ Եթէ դուք ընտրէք ձեր նախագիծը վերբեռնել Online Community‑ին, ապա դուք ձեր Տուեալները կը բաժնեկցիք Scratch App‑էն դուրս եւ կը տրամադրէք զանոնք Online Community ծառայութեան։ Վերբեռնելու ընթացքին ձեր կողմէ բաժնեկցուող տեղեկութիւնները, օրինակ՝ ձեր հաշիւին վերաբերող տուեալները եւ ձեր նախագիծին տեղեկութիւնները, պիտի կարգաւորուին Scratch‑ի առցանց համայնքի {privacyPolicyLink}‑ին համապատասխան։",
    "privacyApps.studentsHeader": "Երեխաներու եւ ուսանողներու գաղտնիութիւն",
    "privacyApps.coppa": "Scratch Foundation‑ը 501(c)(3) կարգավիճակով ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է։ Այդ պատճառով՝ Children’s Online Privacy Protection Act (COPPA)‑ը չի կիրարկուիր Scratch‑ին։ Այնուամենայնիւ, Scratch‑ը շատ լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերէ երեխաներու գաղտնիութեան պաշտպանութեան նկատմամբ։ Scratch‑ը իր օգտատէրերէն կը հաւաքէ միայն ամէնէն անհրաժեշտ եւ նուազագոյն Տուեալները, եւ այդ Տուեալները կը գործածէ եւ կը բացայայտէ միայն ծառայութիւնները մատուցելու եւ սահմանափակ այլ նպատակներով՝ ինչպէս հետազօտութիւն, այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մէջ նկարագրուած ձեւով։",
    "privacyApps.ferpa": "Scratch‑ը չի հաւաքեր տեղեկութիւն ուսանողի կրթական արձանագրութենէն՝ ինչպէս ճշդուած է Family Educational Rights and Privacy Act (FERPA)‑ով։ Scratch‑ը ուսանողներու տեղեկութիւնները չի բացայայտեր ոեւէ երրորդ կողմի, բացառութեամբ այն պարագաներուն, որոնք նկարագրուած են այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մէջ։",
    "privacyApps.eeaHeader": "Ձեր Տուեալներու Պաշտպանութեան Իրաւունքները (EEA)",
    "privacyApps.eeaIntro": "Եթէ դուք կը գտնուիք Եւրոպական Տնտեսական Տարածքին, Միացեալ Թագաւորութեան կամ Զուիցերիոյ մէջ, դուք ունիք որոշ իրաւունքներ՝ ձեր տուեալներուն վերաբերող։",
    "privacyApps.accessTitle": "Մուտք, Ուղղում եւ Տուեալներու Փոխադրելիութիւն",
    "privacyApps.accessDescription": "Դուք կրնաք խնդրել ընդհանուր ակնարկ մը այն Տուեալներուն մասին, զորս մենք կը մշակենք ձեր մասին, եւ ստանալ ձեր Տուեալներու պատճէն մը։ Դուք նաեւ իրաւունք ունիք պահանջելու ուղղել անաւարտ, անճիշդ կամ հինցած Տուեալները։ Ի գործադրումն համապատասխան օրէնսդրութեան, դուք կրնաք պահանջել, որ մենք ձեր Տուեալները տրամադրենք այլ ընկերութեան։",
    "privacyApps.objectionTitle": "Առարկում",
    "privacyApps.objectionDescription": "Դուք կրնաք առարկել (այսինքն՝ “խնդրել, որ մենք դադրեցնենք”) ձեր Տուեալներու որեւէ ձեւի օգտագործում, եթէ անիկա չի հանդիսանար․ (i) օրէնքի պահանջին համաձայն մշակուած, (ii) անհրաժեշտութիւն՝ Scratch‑ի եւ ձեր միջեւ կնքուած պայմանագիրի կատարումը ապահովելու համար, կամ (iii) հիմնուած մեր ծանրակշիռ պատճառներուն վրայ (օրինակ՝ մեր առցանց համայնքի անվտանգութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ապահովելու համար)։ Եթէ դուք առարկէք, մենք ձեզի հետ պիտի աշխատինք՝ գտնելու համար ողջամիտ լուծում մը։",
    "privacyApps.deletionTitle": "Ջնջում",
    "privacyApps.deletionDescription": "Դուք կրնաք նաեւ պահանջել ձեր Տուեալներու ջնջումը՝ այնքան ատեն որ նման բան կը թոյլատրէ գործող օրէնսդրութիւնը։ Այս իրաւունքը կը կիրարկուի, օրինակ, այն պարագաներուն, երբ ձեր տուեալները հինցած են, կամ մշակումը այլեւս անհրաժեշտ չէ, կամ անօրինական է։ Դուք կրնաք նաեւ պահանջել ջնջում, երբ դուք կը չեղարկէք ձեր համաձայնութիւնը այն մշակման, որ հիմնուած էր այդ համաձայնութեան վրայ, կամ երբ դուք առարկած էք մեր մշակման դէմ։ Որոշ պարագաներու մենք կրնանք պարտաւոր ըլլալ պահել ձեր տուեալները՝ օրէնքի պահանջով կամ դատական գործընթացներու նպատակով։ Եթէ կը փափաքիք, որ ձեր բոլոր Տուեալները ամբողջովին վերցուին մեր սպասարկիչներէն, խնդրեմ կապուեցէք {helpEmail} հասցէով։",
    "privacyApps.restrictionTitle": "Մշակման Սահմանափակում",
    "privacyApps.restrictionDescription": "Դուք կրնաք պահանջել, որ մենք սահմանափակենք ձեր տուեալներու մշակումը այն ժամանակ, երբ մենք կը մշակենք ձեր կողմէ ներկայացուած հարցում մը, որ կը վերաբերի՝ (i) ձեր Տուեալներու ճշգրտութեան, (ii) ձեր տուեալներու մշակման օրէնսդրական համապատասխանութեան, կամ (iii) մեր օրինական շահերուն՝ ձեր Տուեալները մշակելու համար։ Դուք կրնաք նաեւ պահանջել ձեր տուեալներու մշակման սահմանափակում, եթէ կը փափաքիք օգտագործել այդ տուեալները դատական գործընթացի նպատակներով։",
    "privacyApps.withdrawalTitle": "Համաձայնութեան Չեղարկում ",
    "privacyApps.withdrawalDescription": "Եթէ մենք կը հիմնուինք ձեր համաձայնութեան վրայ՝ ձեր տուեալները մշակելու համար, դուք իրաւունք ունիք այդ համաձայնութիւնը որեւէ պահու եւ անվճար չեղարկելու։ Երբ դուք չեղարկէք ձեր համաձայնութիւնը, այդ քայլը չ՛ազդեր մինչ այդ տուեալներու մշակման օրինականութեան վրայ։ ",
    "privacyApps.eeaComplaint": "Վերոնշեալ իրաւունքներուն կողքին, դուք նաեւ իրաւունք ունիք ներկայացնելու բողոք մը համապատասխան վերահսկիչ մարմինին՝ գործող օրէնսդրութեան սահմաններուն մէջ։ Այնուամենայնիւ, այս իրաւունքներէն իւրաքանչիւրը ունի բացառութիւններ եւ սահմանափակումներ։ Օրինակ, մենք կրնանք մերժել ձեր հարցումը, եթէ անիկա ակնյայտօրէն անհիմն կամ չափազանցուած է, կամ՝ եթէ այդ հարցումը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ այլոց իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վրայ, վնասել օրէնքի կիրարկումին, խանգարել ընթացիկ կամ ապագայ դատական գործընթացները կամ հակասել գործող օրէնքին։ Ձեր իրաւունքները գործադրելու համար դիմում ներկայացնելու նպատակով, կապուեցէք {helpEmail} հասցէով։",
    "privacyApps.retentionHeader": "Տուեալներու Պահպանում",
    "privacyApps.retentionParagraph": "Մենք կը ձեռնարկենք քայլերու՝ ձեր տուեալները ջնջելու կամ պահելու այնպիսի ձեւաչափով, որ չի թոյլատրեր ձեր ինքնութեան ացայայտումը, երբ այդ Տուեալները այլեւս անհրաժեշտ չեն այն նպատակներուն, որոնց համար մենք զանոնք կը մշակենք, ացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ օրէնքը մեզի կը պարտադրէ պահել այդ Տուեալները աւելի երկար ժամանակ։ Պահպանումի ժամկէտը որոշելու ատեն մենք նկատի կ՛առնենք բազմաթիւ չափանիշեր, ինչպիսիք են՝ ձեր կողմէ պահանջուած կամ ձեզի տրամադրուած ծառայութիւններու տեսակը, մեր ունեցած յարաբերութեան բնոյթը եւ տեւողութիւնը, մեր ծառայութիւններուն վերագրուելիք հնարաւոր վերագրանցումները, այն ազդեցութիւնը, որուն կրնան ենթարկուիլ մեր ծառայութիւնները, եթէ մենք ջնջենք ձեր որոշ Տուեալներ, օրէնքով սահմանուած պարտադիր պահպանումի ժամկէտները, եւ սահմանափակումներու ժամկէտները։",
    "privacyApps.protectHeader": "Scratch-ը ինչպէ՞ս Կը Պաշտպանէ Իմ Տուեալներս։",
    "privacyApps.protectParagraph": "Scratch‑ը ունի վարչական, ֆիզիքական եւ թեքնիք ընթացակարգեր, որոնք նախատեսուած են պաշտպանելու Scratch App‑ի միջոցով հաւաքագրուած տուեալները՝ պատահական կամ անօրինական ոչնչացումէ, պատահական կորուստէ, անթոյլատրելի փոփոխութենէ, անթոյլատրելի բացայայտումէ կամ մուտքէ, չարաշահումէ, ինչպէս նաեւ Տուեալներու որեւէ այլ անօրինական մշակման ձեւերէ։ Այնուամենայնիւ, որքան ալ արդիւնաւէտ ըլլան այս միջոցները, ոչ մէկ ապահովական համակարգ ամբողջովին անթափանցելի է։ Մենք չենք կրնար լիովին երաշխաւորել մեր տուեալներու շտեմարանի ապահովութիւնը, նաեւ չենք կրնար երաշխաւորել, որ ձեր փոխանցած տուեալները չեն կորսուիր կամ չեն խափանուիր համացանցի միջոցով մեզի փոխանցուելու ատեն։ ",
    "privacyApps.internationalTransferHeader": "Միջազգային Տուեալներու Փոխանցում",
    "privacyApps.internationalTransferParagraph": "Մենք կրնանք փոխանցել ձեր տուեալները այնպիսի երկիրներու, որոնք տարբեր են ձեր գտնուած երկրէն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ (ուր կը գտնուին Scratch‑ի սպասարկիչները) կամ որեւէ այլ երկիր, ուր մենք կամ մեր ծառայութիւն մատուցողներուն ենթակառոյցները կը գտնուին։ Եթէ դուք կը գտնուիք Եւրոպական Տնտեսական Տարածքին, Միացեալ Թագաւորութեան, Զուիցերիոյ կամ այլ շրջաններու մէջ, ուր տուեալներու հաւաքագրման եւ օգտագործման օրէնքները կրնան տարբեր ըլլալ ԱՄՆ‑ի օրէնքներէն, նկատի ունեցէք, որ մենք կրնանք փոխանցել ձեր տուեալները այնպիսի երկիրի եւ իրաւասութեան, որ չունի ձեր շրջանին համարժէք տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքներ։ Մենք կը կիրարկենք համապատասխան պաշտպանական միջոցներ՝ ապահովելու համար, որ մեր անունով մշակուող եւ փոխանցուող տուեալները պաշտպանուած ըլլան։ Կիրարկուող պաշտպանական միջոցներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կապուեցէք մեզի։",
    "privacyApps.notificationsHeader": "Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան Փոփոխութիւններու Մասին Ծանուցումներ",
    "privacyApps.notificationsParagraph": "Մենք պարբերաբար կը վերանայենք մեր Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնանք կատարել փոփոխութիւններ։ Մենք ձեզ պիտի տեղեկացնենք որեւէ էական փոփոխութեան մասին։ Մենք կը խրախուսենք, որ դուք կանոնաւոր կերպով վերանայիք մեր Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը։ Այս էջի վերին մասի  “Վերջին Թարմացում” նշումը ցոյց կու տայ, թէ այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը վերջին անգամ ե՛րբ վերանայուած է։ Scratch App‑ը մնայուն կերպով օգտագործելով՝ այս փոփոխութիւններէն ետք, դուք կը յայտնէք ձեր համաձայնութիւնը թարմացուած Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան։",
    "privacyApps.contactHeader": "Կապը մեզի հետ",
    "privacyApps.contactIntro": "Scratch Foundation‑ը այն միաւորն է, որ պատասխանատու է ձեր տուեալներու մշակմանը։ Եթէ այս Գաղտնիութեան աղաքականութեան մասին հարցումներ ունիք, կամ եթէ կը փափաքիք գործադրել ձեր Տուեալներուն վերաբերող իրաւունքները, կրնաք կապուիլ մեզի {helpEmail} հասցէով կամ նամակով՝ հետեւեալ հասցէին․"
}