{
    "membership.getInvolvedTitle": "Մասնակցեցէք",
    "membership.getInvolvedDescription": "Scratch‑ի աջակիցները կ՛օգնեն մեզի ստեղծելու ներշնչող, ստեղծագործ եւ յիշարժան ուսուցողական փորձառութիւններ՝ աշխարհի բոլոր երեխաներուն համար։ Սորվեցէք, թէ դուք եւ ձեր ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնաք միանալ Scratch‑ի Անդամակցութեան։",
    "membership.getInvolvedImageDescription": "Երեխայի մը ուսի վրայէն տեսարան մը, ուր ան կը գործածէ ծնկադիր համակարգիչ մը։ Համակարգիչի պաստառին վրայ կը ցուցադրուի Scratch‑ի ծրագրաւորման միջավայրը։",
    "membership.scratchMembershipTitle": "Scratch‑ի Անդամակցութիւն",
    "membership.scratchMembershipDescription": "Scratch‑ի Անդամակցութեան Ծրագիրը ընտանիքներու լաւագոյն միջոցն է աջակցելու ոչ շահութաբեր Scratch‑ին եւ այն միլիոնաւոր երեխաներուն, որոնք ամէն օր հոս կ՛երեւակայեն, կը ստեղծագործեն եւ կը բաժնեկցեն։ Անդամակցութիւնը կրնաք պատկերացնել իբրեւ տարեկան նուիրատուութիւն մը՝ ներառելով նաեւ քանի մը զուարճալի արտօնութիւններ։",
    "membership.scratchMembershipImageDescription": "Դեղին, շրջանակաձեւ, կնիքաձեւ նշան մը՝ ալիքաձեւ եզրերով։ Կեդրոնը կը գտնուի Scratch Կատուի ժպտուն դիմագիծը՝ \"SCRATCH MEMBERSHIP\" գրութեամբ շրջապատուած։",
    "membership.scratchMembershipButtonText": "Խօսեցէ՛ք ծնողի մը հետ Scratch‑ի Անդամակցութեան մասին",
    "membership.scratchMembershipDescription2": "2007 թուականին՝ Scratch‑ի մեկնարկէն ի վեր, աւելի քան 150 միլիոն Scratcher‑ներ բաժնեկցած են աւելի քան 1 միլիառ նախագիծ։ Այս ընթացքին մենք ընդլայնեցինք մեր խումբը (եւ սըրվըրներու տարածքը)՝ համայնքը ապահով, վստահելի եւ զուարճալի պահելու համար միլիոնաւոր Scratcher‑ներու, ինչպէս՝ դուք։ Scratch‑ի Անդամակցութիւնը կ՛օգնէ մեզի պահելու Scratch‑ը անվճար՝ այսօր եւ ապագային, որպէսզի աշխարհի բոլոր երեխաները շարունակեն ստեղծել այն, ինչ որ կը պատկերացնեն։",
    "membership.scratchMembershipDescription3": "Scratch‑ին աջակցելու համար “շնորհակալութիւն” յայտնելու նպատակով Անդամները կը ստանան արտօնութիւններ, ինչպէս՝ կերպարներու փաթեթներ, մուտք՝ միայն Անդամներուն համար նախատեսուած նախաձեռնութիւններու եւ բազմաթիւ այլ բաներ։ Լաւագոյնը՝ Անդամակցութեան միանալով, դուք կը նպաստէք այն համայնքին, որ այսքան կարեւոր է աշխարհի բոլոր Scratcher‑ներուն համար։",
    "membership.storyXperientialTitle": "Story Xperiential",
    "membership.storyXperientialDescription": "Story Xperiential‑ը ձեզ կ'առաջնորդէ դէպի մասնագիտական պատմութիւն ստեղծելու գործընթաց մը, որ կը գործածուի Pixar‑ի, Disney‑ի եւ Netflix‑ի նման արուեստանոցներու կողմէ՝ Scratch‑ի նման գործիքներով ձեր սեփական, ինքնատիպ պատմութիւնները ստեղծելու համար։ Անդամները կը ստանան յատուկ գիներ եւ անվճար փորձաշրջան։",
    "membership.storyXperientialImageDescription": "Բաղադրուած պատկեր մը՝ վերեւը \"XPERIENTIAL\" գրուած, իսկ ներքեւը երիտասարդ կին մը թուային գրասալիկի վրայ կը նկարէ թուային արուեստի ուրվագիծ մը։",
    "membership.spritePacksTitle": "Բացառիկ Scratch Կերպարներու Փաթեթներ",
    "membership.spritePacksDescription": "Անդամները կը ստանան յատուկ մուտք կերպարներու փաթեթներու, որոնք կեանք կու տան Scratch նախագիծերուն՝ ձեր սիրած տեսախաղերու եւ պատկերասփիւռի ֆիլմաշարերու կերպարներէն սկսեալ մինչեւ Scratch Կատուին եւ Ընկերներուն խումբին կողմէ ստեղծուած նոր, ինքնատիպ կերպարներ։",
    "membership.spritePacksImageDescription": "Խումբ մը գունաւոր, ժպտուն, գծանկարային կերպարներ՝ միատարր կապոյտ յետնապատկերին վրայ։",
    "membership.avatarFramesAndEditorThemesTitle": "Մարմնառութեան շրջանակներ եւ Խմբագրիչի ոճեր",
    "membership.avatarFramesAndEditorThemesDescription": "Ցուցադրէ՛ք ձեր Անդամութեան հպարտութիւնը {scratchLink}!-ի վրայ։ Անդամները կը բանան կայքի արտօնութիւններ, ինչպիսիք են կատուի ականջներով մարմնառութեան շրջանակները եւ Կատուի մասնիկները՝ երկրպագուներու ամէնէն սիրած խմբագրիչի ոճը, որ Գլխարկի մասնիկները կը վերածէ սիրուն կատուներու։",
    "membership.avatarFramesAndEditorThemesImageDescription": "Երկու շարժուն յատկանիշային քարտեր՝ կապոյտ ֆոնի մը վրայ։ Ձախ քարտը կը ցուցադրէ կատուի թեմայով Սքրաչի պլոք մը՝ \"Cat Blocks\" մակագրութեամբ, շարժուող կատուի ականջներով։ Աջ քարտը կը ցուցադրէ կատուի ականջներով շրջանակի մէջ գտնուող մարմնառութիւն մը՝ \"Avatar Frames\" մակագրութեամբ, փոփոխուող մարմնառութիւններով։",
    "membership.discountsAndMerchTitle": "Զեղչեր եւ Բացառիկ Ապրանքներ",
    "membership.discountsAndMerchDescription": "Scratch Խանութին մէջ գրեթէ ամէն ինչի պարագային խնայեցէք 10%, ներառեալ միայն անդամներուն համար նախատեսուած յատուկ ապրանքները։",
    "membership.discountsAndMerchImageDescription": "Տարբեր նիւթերու հաւաքածոյ մը՝ \"Scratch Membership\" ապրանքանիշով դասաւորուած մանուշակագոյն ֆոնի մը վրայ։",
    "membership.resourcesAndEventsTitle": "Նիւթեր եւ Յատուկ Նախաձեռնութիւններ",
    "membership.resourcesAndEventsDescription": "Բարելաւեցէք ձեր հմտութիւնները Scratch‑ի դասընթացքներով, Scratch աշխատակազմին հետ ուղիղ եթեր սեմինարներով եւ հրաւիրեալ մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած յատուկ բովանդակութեամբ։ Կարելի է ամէն ինչ ակնկալել՝ Scratch‑ի ծրագրաւորման դասընթացներէն մինչեւ մասնագիտական խաղերու մշակողներէն խորհուրդներ եւ ներշնչում, բոլորը պատրաստուած յատկապէս Անդամներուն համար։",
    "membership.resourcesAndEventsImageDescription": "Երեխայի մը կողքէն դիմագիծով տեսարան մը, ուր ան կեդրոնացած է համակարգիչի պաստառին վրայ։ Պաստառին վրայ կը ցուցադրուի Scratch‑ի մասնիկներու վրայ հիմնուած ծրագրաւորման միջավայրը։",
    "membership.memberPerks": "Անդամներու Արտօնութիւններ",
    "membership.andMore": "…եւ Աւելին",
    "membership.stayTuned": "Մնացէք կապի մէջ՝ շուտով ներկայացուելիք նոր յատուկ առաւելութիւններու, օգուտներու եւ նիւթերու համար։",
    "membership.faq": "ՅՈՒՀ",
    "membership.faq.whatIsMembershipTitle": "Ի՞նչ է Scratch‑ի Անդամակցութիւնը",
    "membership.faq.whatIsMembershipDescription": "Անդամակցութիւնը նոր միջոց մըն է, որով նուիրատուները կրնան աջակցիլ Scratch‑ին՝ փոխարէնը ստանալով որոշ արտօնութիւններ, ինչպէս՝ կերպարներու վաղաժամ մուտք, յատուկ նախաձեռնութիւններ, յաւելեալ բովանդակութիւն, մարմնառութեան շրջանակներ եւ խմբագրիչի թեմաներ։",
    "membership.faq.whyIsMembershipNotFreeTitle": "Ինչո՞ւ Անդամակցութիւնը անվճար չէ:",
    "membership.faq.whyIsMembershipNotFreeDescription": "Scratch‑ը անվճար է, եւ միշտ ալ այդպէս եղած է, – սակայն անոր կառուցումը, զարգացումը եւ պաշտպանութիւնը անվճար չեն։ Իբրեւ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն, մենք կը հիմնուինք նուիրատուներու աջակցութեան վրայ՝ Scratch‑ի սըրվըրներուն գործունէութիւնը մեր միլիոնաւոր գործուն օգտատէրերուն համար սահուն պահելու, համայնքը ապահով ու բարեկամական պահելու համար, նաեւ մշակելու նոր յատկութիւններ, որոնք կ՛օգնեն ձեզի բացայայտելու նորարարական արհեստագիտութիւն։",
    "membership.faq.isScratchMakingProfitTitle": "Կրնա՞յ ըլլալ Scratch խումբը Անդամակցութիւնը կ՛օգտագործէ շահոյթ ապահովելու համար ",
    "membership.faq.isScratchMakingProfitDescription": "Scratch‑ը ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է․ այս կը նշանակէ, որ մեր ստացած իւրաքանչիւր տոլարը կը վերադարձուի Scratch համայնքին՝ զայն աւելի լաւ դարձնելու համար։ Մենք կարիք ունինք նուիրատուութիւններու՝ Scratch‑ի գործունէութիւնը շարունակելու եւ աշխարհի բոլոր երեխաներուն օգնելու, որ ստեղծեն իրենց պատկերացուցածները (ինչպէս այն աւելի քան 465,000 նախագիծերը, զորս դուք ամէն օր կը բաժնեկցիք)։ Անդամակցութեան մեր միակ եւ հիմնական նպատակը այս համայնքը տարիներ շարունակ կենսունակ պահելն է, որպէսզի ապագայի երեխաները ունենան նոյն կարելիութիւնները, զորս այսօր դուք ունիք։",
    "membership.faq.isScratchPaywallingFeaturesTitle": "Արդեօք Scratch‑ի յատկութիւնները կը տեղադրուի՞ն վճարովի պատնէշի ետին:",
    "membership.faq.isScratchPaywallingFeaturesDescription": "Մենք չենք ծրագրեր փոխել այն Scratch փորձառութիւնը, որ դուք կը ճանչնաք եւ կը սիրէք։ Scratch Անդամները եւ անոնց ընտանիքները կը ստանան որոշ կամընտրական արտօնութիւններ, որոնք կրնաք տեսնել Scratch համայնքին մէջ, ինչպիսիք են օրինակ՝ կատուի ականջներով շրջանակներ իրենց անձնապատկերներուն համար, եւ ուրիշներ, որոնք տեսանելի չեն, ինչպիսիք են կոդի խմբագրիչի թեմաները։ Այս արտօնութիւնները չեն փոխեր Scratch‑ը այնպէս, ինչպէս դուք զայն կը ճանչնաք․ – անոնք փոքրիկ միջոց մըն են “շնորհակալութիւն” ըսելու Անդամներուն եւ անոնց ընտանիքներուն՝ օգնելու համար Scratch‑ը անվճար պահել բոլորին համար։",
    "membership.faq.whyAddPerksTitle": "Ինչո՞ւ Անդամներուն կը տրուին արտօնութիւններ։ Ինչո՞ւ չէք սահմանափակուիր միայն նուիրատուութիւն խնդրելով։ ",
    "membership.faq.whyAddPerksDescription": "Բազմաթիւ ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւններ փոքրիկ արտօնութիւններ կը տրամադրեն՝ նուիրատուութիւնները խրախուսելու համար, ինչպէս՝ շապիկներ կամ փափուկ խաղալիքներ։ Թէեւ մենք կը փափաքինք, որ մարդիկ նուիրատուութիւն ընեն միայն բարի կամքով (եւ շատեր իսկապէս այդպէս կ՛ընեն), օգտակար է նաեւ ունենալ նուիրատուութենէն ետք “շնորհակալութիւն” ըսելու միջոց մը։ Նկատի ունենալով, որ Scratch‑ը առցանց համայնք մըն է, Անդամներուն ուղղուած մեր “Շնորհակալութիւնները” եւս առցանց են։ Եթէ Scratch համայնքին մէջ տեսնէք կատուի ականջներով աւադարի շրջանակ մը, պիտի գիտնաք, որ Scratcher մը եւ անոր ընտանիքը նուիրատուութիւն ըրած են՝ Scratch‑ը բոլորին համար անվճար պահելու։ – Այս մէկը նման է «Ես փրկեցի փանտաները» գրութեամբ շապիկի մը, որ կը յուշէ, թէ մարդ մը աջակցած է իր նախասիրած նպատակին։ Անդամներուն տրուած արտօնութիւնները չեն նշանակեր, որ որոշ Scratcher‑ներ աւելի լաւ կամ աւելի կարեւոր են ուրիշներէն։ Մեր համայնքը կը ծաղկի իւրաքանչիւր Scratcher‑ի շնորհիւ՝ անկախ անկէ, թէ ան Scratch-ին նուիրատուութիւն ըրա՞ծ է, թէ՞ ոչ։",
    "membership.faq.cantAffordTitle": "Ի՞նչ է պարագան այն երեխաներուն, որոնք չեն կրնար Անդամակցութիւն վճարել:",
    "membership.faq.cantAffordDescription": "Scratch‑ի Անդամակցութիւնը լիովին ընտրովի է, եւ մենք չենք ակնկալեր, որ բոլորը պիտի միանան։ Այդ պատճառով ալ ընտրած ենք այնպիսի արտօնութիւններ, որոնք մեծ փոփոխութիւններ չեն կատարեր Scratch‑ի փորձառութեան կամ համաշխարհային համայնքին մէջ։",
    "membership.faq.whyDoesScratchNeedMoneyTitle": "Ինչո՞ւ Scratch‑ը նիւթականի կարիք ունի – կրնա՞յ ըլլալ ան պիտի փակուի։",
    "membership.faq.whyDoesScratchNeedMoneyDescription": "Մենք Scratch Անդամակցութեան նման ծրագիրներ կը գործածենք՝ վստահ ըլլալու համար, որ Scratch‑ը կը մնայ անվճար, ապահով եւ հաճելի ապագայի երեխաներուն համար՝ ձեզի նման։ Scratch‑ը մօտաւորապէս 20 տարի է, – որ ստեղծագործ երեխաներու տունն է․ մեր առաջին Scratcher‑ներէն ոմանք այսօր արդէն մեծցած են, եւ իրենց երեխաներն ալ կը գործածեն Scratch‑ը։ Մենք կը կարծենք, թէ այս մէկը իսկապէս զարմանալի է, եւ կը յուսանք շարունակել ներշնչել Scratcher‑ները կարելի եղածին չափ երկար։ Սակայն այդ մէկը իրականութիւն դարձնելու համար կարիք ունինք աջակցութեան։ "
}